2013-09-02 12:30:48

100 Տարուան Ընթացքին Առաջին Անգամ Ըլլալով Մկրտութեան Արարողութիւն` Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ


«Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Վանի նահանգի մշակութային ու զբօսաշրջային վարչութեան ղեկավար Մուզաֆեր Աքթուղ «Ակօս» շաբաթաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ Վանի Աղթամար կղզիի վերջերս վերանորոգուած հնամենի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ 8 սեպտեմբերի տարեկան պատարագին առիթով, տեղի պիտի ունենայ անցած հարիւր տարուան ընթացքին առաջին մկրտութեան արարողութիւնը:
Պարբերականը կը յիշեցնէ, որ Թուրքիոյ եւ արտասահմանի մէջ բնակող բազմաթիւ հայեր 2010-էն ի վեր կ՛այցելեն Աղթամար կղզիին վրայ գտնուող 10-րդ դարու Ս. Խաչ եկեղեցին` տարին մէկ անգամ տեղի ունեցող պատարագին մասնակցելու համար:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները վերանորոգած են եկեղեցին 2005-2007 տարիներուն ընթացքին, եւ այժմ եկեղեցին կը ծառայէ իբրեւ թանգարան: Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ 95 տարի ետք առաջին անգամ ըլլալով պատարագ մատուցուած է 2010-ին:








All the contents on this site are copyrighted ©.